2014-06-09 10:33:20

Կիրակնօրեայ խօսքը. Համբարձումը` մշտատեւ ներկայութիւնը «Ե՛ս եմ»-ին…


Սիրելի՛ ընթերցող, վերջին կիրակնօրեայ խօսքիս վերտառութիւնն էր «Ե՛ս եմ», զոր կրնար ու կրցաւ արտաբերել եւ պարտադրել Յիսուս Քրիստոս լոկ, քանի միայն Ինք էր եւ Ինք է Մարդու Որդին, Աստուածամարդը, Աստուածորդին, Որդին` Երկրորդ Անձը Ս. Երրորդութեան:
Աստուածային գիտակցութեան, երկնատուր իրաւասութեան, բացարձակ ազդեցութեան եւ աստուածամարդկային համարձակութեան փաստային դրսեւորումներն են յաջորդ խօսքերը մեր Տիրոջ ու Վարդապետին, որ` «կը սորվեցնէր իշխանութիւն ունեցողի պէս» (Մտթ. 7,28-29), «քանի հեղինակութեամբ կը խօսէր» (Ղկ. 4,31-32):
«Ես Հօր մէջ եմ եւ Հայրը` Իմ մէջս» (Յվհ. 14,10):
«Հայրը եւ Ես ՄԷԿ ենք» (Յվհ. 10,30):
«Ով որ կը ծառայէ Ինծի, իմ Հայրս պիտի պատուէ զայն» (Յվհ. 12,26):
«Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնն ու Կեանքը» (Յվհ. 14,5):
«Ես իսկ եմ Յարութիւնն ու Կեանքը» (Յվհ. 11,25):
«Ես եկայ, որպէսզի մարդիկ կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան» (Յվհ. 10,10):
«Ես եմ քաջ Հովիւը, կը ճանչնամ իմ ոչխարներս եւ ոչխարներս կը ճանչնան Զիս, ինչպէս Հայրը կը ճանչնայ Զիս եւ Ես կը ճանչնամ Հայրը, ու կեանքս կը զոհեմ իմ ոչխարներուս համար» (Յվհ. 10,14-15):
«Եթէ մէկը ծարաւի է, թող Ինծի գայ եւ թող խմէ: Ան, որ Ինծի կը հաւատայ, անոր ծոցէն պիտի հոսին գետեր կենսատու ջուրին» (Յվհ. 7,37-38):
«Եկէ՛ք Ինծի դուք բոլորդ` վաստակեալնե՜ր ու բեռնաւորնե՜ր, եւ Ես պիտի հանգստացնեմ ձեզ» (Մտթ. 11,28):
Ի՞նչ «կրօնի» ո՛ր հիմնադիրը կրցաւ այսպէս խօսիլ… Ո՛չ մէկը: Որովհետեւ այդ բոլոր հիմնադիրները կամ այդ յորջորջեալ «առաքեալ»-ները թերի, մեղաւոր ու մահկանացու արարածներն էին լոկ, որոնք մեռան եւ փոշիացան:
Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ հովերուն հրամայել, ծովերը հանդարտեցնել, հազարաւորները կերակրել, հիւանդները բուժել, մեռելները յարուցանել ու բազմապիսի հրաշքներ գործել, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս գործեց: Ո՛չ մէկը:
Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ ունենալ մտքի անկախութիւնը, կամքի ազատութիւնը, հոգիի կորովը, բարոյականի բացարձակութիւնը, սիրոյ ուժականութիւնը, ընկերասիրութեան գործնականութիւնն ու մարդկայնականութեան գերազանցութիւնը, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս ունեցաւ եւ գործադրեց: Ո՛չ մէկը:
Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ չարչարուիլ, խաչուիլ ու մեռնիլ, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ ու մեռաւ: Ո՛չ մէկը:
Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ թաղուիլ, յառնել ու համբառնալ, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ ու համբարձաւ: Ո՛չ մէկը:
Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ երկինքէն իջնել, մարմնանալ եւ ապա երկինքը վերադառնալ, վերանալ մարմնով ու հոգիով, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս երկնքէն իջաւ, մարմնացաւ եւ ապա երկինքը վերադարձաւ, վերացաւ մարմնով ու հոգիով: Ո՛չ մէկը:
Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ բազմիլ տիեզերքին մէջ, ինչպէս «Ինքը` յարուցեալ Տէր Յիսուս, առաքեալներուն այսպէս խօսելէն ետք, համբարձաւ երկինք եւ նստաւ Աստուծոյ աջ կողմը» (Մրկ. 16,19): Ո՛չ մէկը:
Հինգշաբթի, մայիս 29-ին տօնեցինք «Համբարձումն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի», որուն «Յինանց»-ի տասնօրեակին մէջ տակաւին ըլլալով` կը մտաբերենք աստուածաշնչական այս սահմանումը. «Յիսուս Քրիստոս` երէկ եւ այսօր, նոյնն է միշտ եւ յաւիտեան» (Եբր. 13,8): Սուրբգրային սահմանումին մեր մտաբերումով կ՛ուզենք դաւանիլ եօթը ճշմարտութիւններ, որոնք նոյնպէս աստուածաշնչական են:
Առաջին ճշմարտութիւնն այն է, թէ Յարուցեալին համբարձումը պատմական իրողութիւն է, որուն պատահումը նկարագրեցին արժանահաւատ վկաներ (Մրկ. 16,19. Ղկ. 24,50-53): Դէպքին մանրամասնութեան հեղինակն է Ս. Ղուկաս (Գ. Առ. 1,3-14):
Երկրորդ ճշմարտութիւնն այն է, թէ Յիսուսի հոգիով ու մարմնով համբարձումը նախատիպը եւ երաշխիքն է Աստուծոյ շնորհքին ու բարեկամութեան մէջ ննջած մկրտեալներու հոգիին եւ մարմնին անմահական կեանքին (1Կոր. 15,1-58):
Երրորդ ճշմարտութիւնն այն է, թէ ինչպէս խաչեալ Տիրոջ յարութիւնը մեր յոյսն է, այսպէս ալ յարուցեալ Տիրոջ համբարձումը մեր փառաւորութիւնն է (Յվհ. 14,1-4):
Չորրորդ ճշմարտութիւնն այն է, թէ Յիսուսի համբարձումը նախերգանքն էր Աստուած Ս. Հոգիին գալուստին առաքեալներուն եւ աշակերտներուն վրայ. «Լաւ է ձեզի համար, որ Ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ, Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի: Իսկ եթէ երթամ, Զինք պիտի ղրկեմ ձեզի» (Յվհ. 16,7):
Հինգերորդ ճշմարտութիւնն այն է, թէ Քրիստոսի համբարձումը կազմեց նախապայմանը Ս. Եկեղեցիին ճանապարհին համար «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գ. Առ. 1,8):
Վեցերորդ ճշմարտութիւնն այն է, թէ Յիսուսի համբարձումը ստոյգ երաշխաւորութիւնն է Դատաւոր-Թագաւորին երկրորդ գալուստին. «Ո՜վ գալիլիացիներ, ինչո՞ւ կեցած` կը նայիք դէպի երկինք: Այս Յիսուսը, որ ձեզմէ վերացաւ դէպի երկինք, պիտի գայ նոյնպէս, ինչպէս տեսաք Զինք, որ գնաց երկինք» (Գ.Առ. 1,11):
Եօթներորդ ճշմարտութիւնն այն է, թէ Քրիստոսի համբարձումը մեզի հետ մշտատեւ ներկայութիւնն է «Ե՛ս եմ»-ին, որ հրաժեշտի պահուն խոստացաւ իրեններուն. «Ահաւասիկ, Ես ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ կատարածն աշխարհին» (Մտթ. 28,20):
Եզրակացութիւն: Յարուցեալին համբարձումը այն բաժանումն էր, որ յառաջացուց դեռ աւելի մերձաւորութիւն ու տեւական ներկայութիւն Արարիչին եւ արարածին միջեւ: Խաչեալին, Յարուցեալին ու իր համբարձումով` երէկ եւ այսօր Փառաւորեալին գործօն մօտաւորութիւնն ապրեցան ոչ միայն առաքեալներն ու աշակերտները (Պետրոս, Պօղոս, Ստեփանոս), այլ նաեւ առաջին քրիստոնեաները` հրէական ատեաններուն եւ հռոմէական կրկէսներուն մէջ, դարերու ընթացքին հաւատաւորներն ու վկաները, ինչպէս ալ` 451-ի Աւարայրի կտրիճները, «փափկասուն տիկինները», 1915-ի Հայասպանութեան նահատակներն ու 1990-ի Սումկայիթի անմեղները` միշտ ունկնդրելով եւ հաւատալով Անոր, որուն ձայնը արձագանգեց ու կ՛արձագանգէ դարերու մէջէն. «Երբ Ես բարձրանամ ու վերանամ, այն ատեն Ինծի պիտի քաշեմ բոլոր մարդերը» (Յվհ. 12,32):

Մեսրոպ Հայունի







All the contents on this site are copyrighted ©.